2017-02-04 12:04:00

Գերապայծառ Պեչչու` Մալթայի Ասպետական Կարգի ընտրական ժողովի յատուկ պատուիրակ։


(Ռատիօ Վատիկան) 2 փետրուար 2017 թուակիր նամակով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան տեղակալ` գերապայծառ Անճելօ Պեչչուն նշանակեց իր յատուկ պատուիրակը մասնակցելու համար Մալթայի Ասպետական Կարգի ընտրական ժողովին, որուն ընթացքին պիտի ընտրուի Կարգի նոր Իշխանապետը։

Նամակին մէջ Սրբազան Քահանայապետը յատուկէն նշած է թէ գերապայծառ Պեչչու իր յատուկ պատուիրակի պաշտօնը պիտի վառէ` ժամանակաւոր իշխանապետ Եղբայր Լուտվիկ Հոֆմանի հետ համագործակցութեամբ, պատրաստելու համար կարգի ընդհանուր ընտրական ժողովը ու միաժամանակ քննարկելու Կարգի կանոնագիրքին մէջ փոփոխութիւններու կարելիութիւնները։

Սրբազան Քահանայապետը ապա  ընդգծեց թէ գերապայծառ Պեչչուն յատուկէն պիտի զբաղի Կարգի հոգեւոր ու բարոյական վերանորոգումով, որպէսզի անոնք հաւատարիմ ըլլան իրենց կոչումին ու Կարգին նպատակակէտին։

Նամակի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը գերապայծառ Պեչչուին  շնորհեց իր անունով խօսելու եւ գործելու ամէն իշխանութիւն, ապա շնորհակալութիւն  յայտնեց անոր` վստահեցնելով իր աղօթքները եւ ջամբելով իր առաքելական օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.